
Chess.am կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի ճատրակ խաղացողներ, միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով, արձանագրած են բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
19-27 օգոստոսին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած տղոց 92-րդ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ ինն` կրանտմասթըրներ:
Մասնակցողներուն մէջ էր նաեւ հայ ճատրակ խաղացող Տիգրան Ղարամեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Ախոյեան հանդիսացաւ Էթիեն Պաքրօ (6 կէտ):
Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած «Սենթց Օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 378 ճատրակ խաղացողներ: Անոնց կարգին էին Կարէն Գրիգորեան եւ Տիգրան Պետրոսեան:
Գրիգորեան 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը, մինչ Պետրոսեան 5,5 կէտով` 110-րդ դիրքը:
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրանի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, 5,5 կէտ ապահովելով (առաւելագոյն 9 կէտէն) գրաւեց 15-րդ դիրքը` 67 մասնակցողներուն մէջ:
Տիտղոսակիր դարձաւ ուքրանացի Սթանիսլաւ Պոկտանովիչ (8 կէտ):