Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, իր կեդրոնատեղիին մէջ (Պաապտա) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ անուանացանկը լիբանանեան պատուիրակութեան, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 17-27 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք պիտի կատարուին փակ դաշտերու մէջ: