Աքուաթլոն-2017. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը
Հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, 1 հոկտեմբերին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» չորրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Աքուաթլոն-2017-ը, որ կ՛ընդգրկէ լողարշաւ եւ վազք: Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Քասլիք: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ հովանաւոր ընկերութիւնները պիտի ըլլան «Սարատար» դրամատունը եւ «Քոմըրշըլ» ապահովագրութեան ընկերութիւնը: Այսօր կէսօրին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տրուելիք յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պիտի հաղորդուին...



