Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան ընդունեց աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի պրոնզէ մետալակիրներ, Հայաստանի ըմբշամարտի ազատ ոճի հաւաքականի անդամներ Գէորգի Կետոյեւը (97 քկ) եւ Լեւան Պերիանիծէն (125 քկ):
Նախարարը շնորհաւորեց մարզիկները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ մարզասէրներուն ուրախ եւ խանդավառ պահեր պարգեւելու համար:
«1995 թուականէն ետք ասիկա առաջին անգամ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ ոճային ըմբիշները աշխարհի ախոյեանութեան մէջ նոյն ատեն երկու մետալ կը նուաճեն: Կը յուսամ, որ յաջորդին կ՛ըլլան ախոյեանական մետալներ», ըսաւ նախարարը:
Մարզիկները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ խոստացան շարունակել մարզումները` միջազգային մրցումներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մարզական պատիւը բարձր պահելու համար: