Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յաղթանակով սկսաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին 7-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց սերպ Տուսան Լաժովիչի: Ան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 2 ժամ 17 վայրկեանի ընթացքին:
Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ 4-6, 6-2, 6-1, 1-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆոյէն, 2 ժամ 37 վայրկեան մղուած պայքարէ մը ետք:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, թիւ 1 դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովա 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Մակտա Լինեթթի (Լեհաստան):

Մրցաշարքին առաջին մեծագոյն անակնկալը ստեղծողը հանդիսացաւ ճափոնցի Նաոմի Օսաքա, որ 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 6-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըրը:
15-րդ դասուած ամերիկացի Մետիսըն Քիզ 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց պելճիքացի Էլիզ Մերթենսի: