2018 թուականին Պուէնոս Այրեսի պատանեկան ամառնային ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան տոմսը ապահովելու համար մարմնամարզիկները պէտք է մասնակցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք զտումի մրցաշարքին: Այս մասին գրուած է Հայաստանի Ողիմպիական ազգային խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.
«Սովորաբար, պատանիները ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան տոմսը կը նուաճեն Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին: Սակայն, յառաջիկայ տարի պատանիներու ախոյեանութիւնը նախատեսուած է օգոստոսին, հակառակ անոր որ նախորդ տարիներուն մրցաշարքը միշտ տեղի կ՛ունենար գարնան ամիսներուն: Յառաջիկայ տարուան ծրագիրին մէջ աւելցուած է առանձին զտումի մրցաշարք, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ: Ասիկա ցաւալի նորութիւն է մեզի համար: Այդ մրցաշարքը միակը պիտի ըլլայ ողիմպիական խաղերու վարկանիշ նուաճելու համար: Մենք պատրաստ ենք մեկնելու Պաքու, միայն եթէ մեր անվտանգութիւնը երաշխաւորեն: Մենք ունինք երեք հրաշալի պատանիներ, որոնցմէ մէկը 99 առ հարիւրով կրնայ վարկանիշ նուաճել: Այս տարի ես Պաքուի մէջ պիտի մասնակցիմ ժողովի, որուն ընթացքին պիտի ընտրենք Եւրոպայի ֆետերասիոնի նախագահը: Թեկնածուներէն մէկը ազրպէյճանցի է: Ժողովի ընթացքին ես պիտի արծարծեմ մեր անվտանգութեան հարցը: Հակառակ պարագային պէտք է ամէն բան ընենք, որպէսզի մեզի ողիմպիական խաղերու վարկանիշ ընձեռեն: Բոլորը գիտեն եւ կ՛ըսեն, որ մեր տղաները կրնան ատիկա նուաճել»:
Պատանեկան ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 6-18 հոկտեմբերին: