Լիբանանի տղոց կրտսերներու պասքեթպոլի ազգային խումբը (17 տարեկանէն վար), որ Իրանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 72-46 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սուրիան:
Նշենք, որ նախորդ երկու մրցումներուն Լիբանան յաղթեց Յորդանանի եւ Իրաքի:
Լիբանան այսօր կը կատարէ իր չորրորդ եւ վերջին մրցումը, երբ ժամը 18:00-ին կը ճակատի Իրանի դէմ:
Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ տարուան մարտին, այդ մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը: