Ռուսիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած ֆութպոլի հայ գործակալ Վալերի Յովհաննիսեան լքեց Արարատ Մոսկուայի նախագահի պաշտօնը:
«Վերջին ամիսներուն ունեցայ առողջական հարցեր, որոնք քիչ մը ծանր ազդեցին վրաս: Փորձեցի յաղթահարել զանոնք, բայց չկրցայ: Բժիշկները արգիլեցին ինծի աշխատիլ, որպէսզի առողջական վիճակս աւելի չվատթարանայ: Ասիկա կը յայտարարեմ նախքան Գերմանիա մեկնիլս, ուր մէկ ամիս բժշկական յատուկ խնամքի պիտի ենթարկուիմ», յայտարարեց Յովհաննիսեան:



