Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին խոստացաւ ժիւտոյի տեսական վարժանք կատարել:
28 օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ սկսած է մենամարտի ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
«Ասիկա, անշուշտ, ֆութպոլ չէ, սակայն նոյնպէս լաւ մարզաձեւ է», զրոյցին սկիզբը կատակած է Փութին:
«Ես կը փորձեմ սորվիլ», պատասխանած է Օրպան: Ատկէ ետք Ռուսիոյ նախագահը Հունգարիոյ վարչապետին խոստացած է «պատմել տեսութեան մասին»:
Ըստ Օրպանի, Հունգարիոյ մէջ մրցումներու նախօրէին լոյս տեսած են ժիւտոյի յատուկ գիրքեր:
«Յաճախ ժիւտոյի մասին մէջբերումներ կը յիշատակուին` քեզ վկայակոչելով, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ», ըսած է Հունգարիոյ վարչապետը Փութինին: Ռուսիոյ նախագահը պատասխանած է, որ ինք նշուած գիրքին համահեղինակն է: