ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պատուիրակութիւն մը` բաղկացած մասնաճիւղի վարչութեան եւ պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներէ եւ Լիբանանի Ա. դասակարգի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեան մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբի մարզիկներէն, այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` անոր յանձնելու ախոյեանութեան բաժակը:
Վարչութեան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին երեսփոխան Բագրատունիին` անոր ջերմ ընդունելութեան համար եւ յայտնեցին, որ մասնաճիւղը յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան մրցումները:
Յ. Բագրատունի իր կարգին խօսք առնելով շեշտեց մարզանքի կենսական դերը` դաստիարակելու ապագայ սերունդները եւ երիտասարդութիւնը հեռու պահելու վատառողջ մթնոլորտէ: Ան նաեւ մատնանշեց խմբային աշխատանքի առաւելութիւնները:
Նախարար Բագրատունի ներկաները քաջալերեց շարունակելու իրենց նուիրական աշխատանքը եւ մաղթեց յարատեւութիւն: Վերջապէս, ան հաստատեց իր բարոյական եւ նիւթական նեցուկը ՀՄԸՄ-ին, որուն անդամները կը հանդիսանան լիբանանահայ հասարակութեան լաւագոյն գործօններէն մէկը: