Լիբանանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ձկնորսութեան Ախոյեանութիւն` Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին
«Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ (Ժունիէ) տրուած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լիբանանի ձկնորսութեան միութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ ձկնորսութեան ախոյեանութիւնը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 13:00, Տըպպայէի շրջանին մէջ (Նահր Քելպէն Անթիլիաս), գործակցութեամբ Տըպպայէի ձկնորսներուն: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին յատուկ հրաւիրեալներ, նախարարներու եւ քաղաքացիներու ներկայացուցիչներ եւ...





