Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նուէր ստացաւ 400 թիւը կրող մարզաշապիկը` նկատի ունենալով, որ ան իր կազմին հետ նախանցեալ օր դաշտ ներկայացաւ 400-րդ անգամ ըլլալով:
Ան արքայայկան խումբին հետ իր նորամուտը նշեց օգոստոս 2009-ին եւ անկէ ետք իր կազմին հետ կատարած բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին 399 մրցումի ընթացքին նշանակեց 411 կոլ: Պորուսիա Տորթմունտի դէմ մրցումը («Չեմփիընզ Լիկ») անոր համար եղաւ 400-րդ մրցումը:
Սակայն Ռէալ Մատրիտի կողմէ կատարուող վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան նշանակած պէտք է ըլլայ 412 կոլ` նկատի ունենալով, որ 2010-2011 տարեշրջանին Ռէալ Սոսիետատի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3-րդ հանգրուան) Ռոնալտոն է, որ նշանակած է կոլ մը եւ ոչ թէ Փեփէ: