Աթլեթիքօ Մատրիտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա վերադարձաւ իր նախկին ակումբը, լքելէ ետք իր կազմը` Չելսին:
Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ ան պիտի կրէ թիւ 18 մարզաշապիկը:
Թէեւ 28 տարեկան Քոսթա խումբին հետ պիտի սկսի իր փորձերուն, սակայն ֆութպոլի պաշտօնական մրցումներուն կրնայ մասնակցիլ «Լա լիկա»-ի 2017-2018 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին, այսինքն` դարձի մրցումներուն:
Ասոր պատճառը այն է, որ Աթլեթիքօ Մատրիտ ՖԻՖԱ-ին կողմէ պատժուած է եւ մինչեւ յունուար 2018 չի կրնար իր կազմին միացնել ոեւէ ֆութպոլիստ: