Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին, Լիբանանի վոլիպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին համար մարզիկներու փոխանցումները աւարտեցան:
Յայտարարուեցաւ, որ երկուշաբթի, 20 նոյեմբերին, «Մետիսըն» պանդոկին մէջ (Ժունիէ) տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր:
Ֆետերասիոնը Լիբանանի ախոյեան խումբերէն Սփիտպոլ Շեքքայէն (տղաք) եւ Քալամունէն (աղջիկներ) պահանջեց, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին հաստատեն իրենց մասնակցութիւնը արաբական ախոյեանութեան: