«Ի.Էս.Փի.Էն.» կը հաղորդէ, որ տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած անցեալի անուանի թենիսմեն Անտրէ Աղասի 2018-ին եւս պիտի մարզէ սերպ Նովաք Ճոքովիչը:
30 տարեկան Ճոքովիչը այս տարի տեղի ունեցած Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի ախոյեանութենէն առաջ դիմած էր Աղասիի օգնութեան:
Սակայն պէտք է ըսել, որ 2017-ին Ճոքովիչ քիչ մը նահանջեց` նկատի ունենալով, որ 8 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրանալէ ետք ան «Ռոլան Կարոս»-ի եւ «Ուիմպըլտըն»-ի մրցաշարքերուն քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ: