Մարզական

Կռփամարտ. Արտեոմ Դալաքեան Առաջին` «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի Դասաւորման Մէջ

Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը` տարբեր դասակարգերու մէջ: Թեթեւագոյն կարգի դասաւորման մէջ, Ուքրանիան ներկայացնող միջցամաքամասային ախոյեան Արտեոմ Դալաքեան կը գրաւէ առաջին դիրքը (15-0, 11 նաք-աութ): «Ունիըն Պոքսինկ Փրոմոշընի»-ի 30 տարեկան կռփամարտիկը ախոյեանութեան մենամարտի ճակատում մը ունի կատարելիք մօտերս ճափոնցի Քազութօ Եոքոյի դէմ (22-1, 13 նաք-աութ)` «Տապըլիու. Պի. Էյ.»ի ծիրին մէջ:

Պապիկեան Եղբայրները Լեհաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացան

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի Փիւնիկ Երեւանի եւ Ուլիսի նախկին միջնապահ Աղուան Պապիկեան, ինչպէս նաեւ անոր եղբայրը` Վոլոդիա Պապիկեան Լեհաստանի քաղաքացիութիւն ստացան: 23 տարեկան Աղուան Պապիկեան այս ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ Ռաքով, որ Լեհաստանի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն մէկն է: Վոլոդիա Պապիկեան մաս կը կազմէ լեհական Պելխաթովի: Անոնք երկուքն ալ ծնած են Լեհաստանի մէջ:

Տաւիտ Թրեզեկէ Կը Վերսկսի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին` Հայկական Արծիւ Խումբին Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Եուվենթուսի նախկին յառաջապահ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի դեսպան Տաւիտ Թրեզեկէ պիտի սկսի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին Մարսէյի հայկական համայնքի Արծիւ ֆութպոլի ակումբին հետ, որուն հետ ստորագրեց կէս տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 39 տարեկան ֆութպոլիստը ներկայ գտնուեցաւ ակումբին «Սեւան» մարզադաշտին վերաբացման հանդիսութեան` անոր նորոգումէն ետք:

Հայաստան – Լեհաստան Մրցումին Իրաւարարները` Սլովենիայէն

5 հոկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան-Լեհաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի զտումի, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի զտումին մրցաշարքին ծիրին մէջ: «Եու. Է.Էֆ.Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սլովենիայէն: Կեդրոնի իրաւարարն է` Մաթէյ Եուկ, իսկ կողմի իրաւարարները` Մաթէյ Զունիչ եւ Մանուէլ Վիտալ: 37 տարեկան Եուկ 2007-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի իրաւարար է: Ան...

Վրացի Բերդապահ Մը Մահացաւ Փորձերէն Առաջ

Վրացական Զուկտիտիի բերդապահ Շոթա Մամինաշվիլի իր կազմին կատարած մէկ մրցումէն առաջ, փորձերու ընթացքին իր ուշքը կորսնցնելով գետին ինկաւ: 31 տարեկան բերդապահը հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք մահացաւ, կը յայտնէ վրացական մամուլը: Մամինաշվիլի, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Պաթումի Տինամոյին, այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Զուկտիտիի:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Յովսէփեան, Խաչատուրեան Եւ Աբովեան Կոլի Հեղինակ

Սլովաքիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Քոմարնօ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Զվոլենի: Յաղթական կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Արարատ Երեւանի նախկին յառաջապահ Դաւիթ Յովսէփեան: Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանին, Թորփետօ Պելազ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Կորոտէայի: Հիւրընկալ կազմին երրորդ կոլը նշանակեց միջնապահ Անտրէյ Խաչատուրեան: Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, կեդրոնական գօտիի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Գառնիկ Աւալեանի գլխաւորած կազմը`...

Ալքանթարա Շուրջ 2 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Սփորթց. Էս.» կայքը հաղորդեց, որ Պարսելոնայի պրազիլցի միջնապահ  Ռաֆայէլ Ալքանթարա, որ ենթարկուեցաւ ոտքի վիրաբուժութեան, շուրջ 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 24 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ իր կազմին հետ 78 մրցումի ընթացքին նշանակած է 11 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ:

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի  3-րդ Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (58-50)

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 3-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (58-50)

Կիրակի, 1 հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Պէյրութի խումբերուն  միջեւ: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցաշարքը եղաւ իւրայատուկ, այն իմաստով, որ մրցումներուն ընթացքին դաշտին վրայ մրցող երկու կազմերուն համակիրները ներկայ եղան թրիպիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբը իր առաւելագոյնը կատարեց յաջողցնելու համար այս մրցաշարքը: Պէտք...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ- Նասեր Պար Էլիաս` 1-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 1 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` հիւրընկալելով Նասեր Պար Էլիասը: Մրցումին 12-րդ վայրկեանին, Ռամի Քատերի փենալթիով նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը: ՀՄԸՄ 1-1 հաւասարութեան իր կոլը նշանակեց մրցումին 84-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Մոհամետ Ասսասի: Այսպիսով, ՀՄԸՄ ապահովեց տարեշրջանի իր...

«Ֆորմիւլա – 1». Վերսթափեն Իր Ծննդեան Օրը Յաղթական` Մալեզիոյ Կրան Փրիին

«Ֆորմիւլա - 1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին «Ռետ Պուլ»-ի հոլանտացի վարորդ Մաքս Վերսթափեն անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց Մալեզիոյ կրան փրիին: Անոր այս յաղթանակը եղաւ յիշատակելի` նկատի ունենալով, որ նոյն օրը (1 հոկտեմբեր), ան կը տօնէր իր ծննդեան 20-րդ տարեդարձը: Վերսթափեն, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց, ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 30'01'' արդիւնք...

ՖԻՏԷ.  Լեւոն Արոնեան Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած հոկտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 2 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ երկրորդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2801 կէտ: Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2826), իսկ երրորդ դիրքին վրայ է ֆրանսացի Մաքսիմ-Վաշիէ Լակրաւ (2794): Հայաստանէն առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Սերկէյ Մովսիսեան (76-րդ,...

Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ` Ասիոյ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանի մէջ աւարտեցաւ Ասիոյ ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը Ռիատի Պէյրութի բաւական տպաւորիչ յաղթանակով, որ աւարտականին 29 կէտի տարբերութեամբ` 88-59 արդիւնքով յաղթեց Չինաստանի ախոյեան Չայնա Քաշկարի: Ռիատի իր նոյն մրցակիցին դէմ Ա. հանգրուանին եւս յաղթանակ մը արձանագրած էր` 30 կէտի տարբերութեամբ (103-73): Այսպիսով, Ռիատի երկրորդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ Ասիոյ ախոյեան (առաջինը` 2011-ին): Յայտնենք, սակայն, որ Սաժես երեք անգամ տիրացած...

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը` Լիբանանի Գերբաժակակիր

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը նախորդ շաբաթավերջին բացուած յայտարարուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ գերբաժակի մրցումը` Պէյրութի դրամատան եւ Շապապ Էշրեֆիէի միջեւ: Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին` 5-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով: Ալի Թանիշ նշանակեց 2 կոլ, մինչ մնացեալ կոլերը, նշանակեցին սերպ Տրական Թոմիչ, Մեհտի Քպէյսի եւ Սթիւ Կէօքզեան: Աւարտին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահըֆ, ներկայութեամբ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

- Պարսելոնա Յաղթական Դռնփակ Մրցումին Ընթացքին - Պայէրն Միւնիխի Կաղացումը Կը Շարունակուի Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մրցումներուն գծով Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերուն յաղթարշաւը շարունակուեցաւ: Եունայթըտ 4-0 արդիւնքով տապալեց Քրիսթալ Փալասը, մինչ Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոնտոնէն, ուր 1-0 արդիւնքով յաղթեց Չելսիի: Այժմ անոնք ունին 19-ական կէտ: Լիվըրփուլ, որ Նիւքասըլի հիւրն էր, 1-1 արդիւնքով...

Հայաստան Մէկ Տարիով Կախակայուեցաւ Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնին Կողմէ

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, որ ժամանակաւորապէս կը կատարէ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նախագահի պարտականութիւնները, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ Հայաստան պիտի չմասնակցի 2017-ի ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան, որովհետեւ մէկ տարիով կախակայուեցաւ: Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը 30 սեպտեմբերին Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) իր գումարած ժողովին որոշեց, որ խթանիչ դեղեր գործածած մարզիկներու պատկանած շարք մը երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստանը, կախակայուին:...

ՖԻՖԱ-ն Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային  Խումբը Կրնայ Զրկել 2018-ի Մոնտիալին Մասնակցելու Իրաւունքէն

ՖԻՖԱ-ն Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կրնայ Զրկել 2018-ի Մոնտիալին Մասնակցելու Իրաւունքէն

«Մարքա» նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ ՖԻՖԱ-ն Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը կրնայ զրկել 2018-ի Մոնտիալին մասնակցելու իրաւունքէն, եթէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` «Լա Լիկա»-ն, Քաթալոնիոյ անկախացումէն ետք Պարսելոնային թոյլ չտայ մասնակցիլ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան: Ըստ ՖԻՖԱ-ին ատիկա կը նկատուի երկրին կառավարութեան միջամտութիւնը` ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործերուն: Հետեւաբար, ասիկա կը նշանակէ, որ Սպանիա կը զրկուի պաշտօնական խաղերուն մասնակցելու իրաւունքէն, իսկ ակումբները` ՖԻՖԱ-ին հովանիին տակ...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ-Շանվիլ, Ապա` Պէյրութ-Անթունիէ

Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի կ՛ունենան այսօր` շաբաթ, 30 սեպտեմբերին: Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ ՀՄԸՄ-ը եւ Շանվիլը: Ապա, այս մրցումին պիտի յաջորդէ Պէյրութ-Անթունիէ հանդիպումը, որ սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ-ի տղաքը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն յաղթանակ արձանագրելու եւ անոր շնորհիւ ապահովելու աւարտականի իրենց տոմսը: Յայտնենք,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-Նասեր Պար Էլիաս Մրցումը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Դաշտին Վրայ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը վաղը` կիրակի, 1 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին տարեշրջանի իր առաջին մրցումը կը կատարէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր կը հիւրընկալէ Նասեր Պար Էլիասը: Թէեւ ՀՄԸՄ պարտութեամբ սկսաւ տարեշրջանը, սակայն իր կատարած երկրորդ մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց: Վաղը ամէն գնով կը սպասուի տարեշրջանի երկրորդ յաղթանակը` Պուրճ Համուտի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

Հետաքրքրական Եւ Տաք Մրցումներ` Եւրոպայի Մէջ Այս շաբաթավերջի Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը տաք ճակատումներ, որոնք իրենց վրայ պիտի ուղղեն լուսարձակները: Ցարդ իրենց կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած Նափոլի, Եուվենթուս եւ Պարսելոնա պիտի փորձեն իրենց յաղթարշաւը շարունակել: Անգլիոյ մէջ հետաքրքրական պիտի ըլլայ Չելսի-Մանչեսթըր Սիթի մրցումը, Իտալիոյ մէջ` Ա.Սէ. Միլան-Ա.Էս.Ռոմա, Ֆրանսայի մէջ` Փարիզ Սեն Ժերմեն-Պորտօ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Հասաւ Աւարտականին

Շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, երէկ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ ապահովեց Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան աւարտականի իր տոմսը` 74-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իրանի ախոյեան Փեթրոշիմիի: Չինաստանի Զանչու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան աւարտականին, Ռիատի այսօր, կէսօրուան ժամը 12:15-ին կը մրցի Չինաստանի ախոյեան Չայնա Քաշկարի դէմ: Այսպիսով, Ռիատի չորրորդ անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:

Page 924 of 1278 1 … 923 924 925 … 1,278

Արխիւներ