Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան ԱհտԻ կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին պատասխանատուները որոշեցին ժամանակաւորապէս կախակայել Հայսամ Ֆահուրը եւ Մոհամետ Համմուտը` նկատի ունենալով, որ անոնք խումբին կատարած փորձերէն կը բացակային: