
PROFOTO
Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ամբողջացան Ա. հանգրուանի մրցումները եւ յստակացան կիսաւարտականին իրենց տոմսը ապահովող վերջին 2 խումբերը:
Յաղթելէ ետք Լուէյզիի` 91-76 արդիւնքով, Շանվիլ ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը եւ վաղը` շաբաթ, ժամը 16:00-ին, կը մրցի ՀՄԸՄ-ի դէմ:
Իսկ ժամը 18:00-ին, տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը` Պէյրութի եւ Անթունիէի միջեւ:
Լուէյզիէն 28 կէտ նշանակեց Մարթին Քալլաս իսկ Շանվիլէն Ճասթին Հոքինզ` 27 կէտ: Անոր խմբակից Տերիըն Թաունզ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Անթունիէ Բ. խմբակին մէջ ՀՄԸՄ-ի ետին, գրաւեց երկրորդ գիրքը` 67-56 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մութթահետի: Այս վերջինէն, Տեմարիուս Պոլտծ նշանակեց 21 կէտ:
Պէյրութ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 76-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պիպլոսը: