Պայէրն Միւնիխի պատասխանատուները որոշեցին խումբէն հեռացնել իտալացի իրենց մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթին` նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օրուան Փարիզ Սեն Ժերմենէն խումբին կրած պարտութիւնը (3-0, «Չեմփիընզ լիկ»), անոնց համար եղաւ քիչ մը անմարսելի:
Ֆրանսացի Ուիլի Սանիոլ նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ: Ան այժմ խումբին հետ կը պատրաստուի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Հերթա Պերլինի դէմ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին: Այս մրցումէն ետք շատ հաւանաբար յստականայ նոր մարզիչին անունը:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստը 2000-2009 ժամանակամիջոցին եղած է Պայէրնի ֆութպոլիստ: