Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայ-Չիի-9-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Աւետիս Սերոբեանի Մարզիկները Արձանագրեցին Գերտպաւորիչ Արդիւնքներ` Չինաստանի Մէջ

September 29, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13-24 սեպտեմբերին Չինաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Թայ-չիի 9-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի չորս ծագերէն մեկնած մարզիկներ:

Այս մրցաշարքէն անմասն չմնացին նաեւ Լիբանանէն Չինաստան մեկնած Աւետիս Սերոբեան, Ազատիկ Զաքարեան, Վիգէն Տեմիրճեան, Հիամ Ժարուշ եւ Թաթիանա Պոշարովա:

Զաքարեան, Տեմիրճեան, Ժարուշ եւ Պոշարովա Աւետիս Սերոբեանի աշակերտներն են: Մարզիկ եւ մարզիչ ըլլալէ բացի, Սերոբեան նաեւ միջազգային Ուու-շուի իրաւարար է:

Զտումի մրցումներուն, Սերոբեան տիրացաւ 2 ոսկի մետալի, Զաքարեան` 1 ոսկի մետալի, Տեմիրճեան` 1 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի, Պոշարովա` 1 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալի, իսկ Ժարուշ` 2 պրոնզ մետալի:

Իրենց արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, բացի Ժարուշէն մնացեալ չորսը ապահովեցին Թայ-չիի մրցաշարքին իրենց տոմսերը, ուր Զաքարեան, Սերոբեան եւ Պոշարովա դարձեալ տիրացան ոսկի մետալներու (չորսէն երեք ոսկի մետալները խլելով):

Այս իրողութենէն մեկնելով` կազմակերպիչ յանձնախումբը վերոնշեալ երեքը հրաւիրեց փակման հանդիսութեան ցուցադրական ելոյթ ունենալու:

Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել այն կարեւոր հանգամանքը, որ այս մրցաշարքին մասնակցած երեք հայերը` Աւետիս Սերոբեան, Վիգէն Տեմիրճեան եւ Ազատիկ Զաքարեան, միակ մարզիկներն են ամբողջ Լիբանանէն, որոնք սեւ գօտիի 3-րդ կարգի վկայագիրներ ունին Չինաստանէն:

Սերոբեան, որ նաեւ ունի 5-րդ կարգի սեւ գօտիի վկայագիր, այժմ կը գտնուի Քազան (Ռուսիա), ուր իրաւարարի պաշտօն կը կատարէ աշխարհի Ուու-շուի 14-րդ ախոյեանութեան:ր յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա վերադարձաւ իր նախկին ակումբը, լքելէ ետք իր կազմը` Չելսին:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Մրցաշարք. Շանվիլ – ՀՄԸՄ Եւ Պէյրութ – Անթունիէ Կիսաւարտականի Ճակատումներ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.