Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ սկիզբ առաւ «Պան-քօ» բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ դրամատուներուն եւ ընկերութիւններուն.
Դրամատուներ.- Պէյրութի դրամատուն, Իհթիմատ Լուպնանի, Իհթիմատ Մասրեֆի, Սոսիեթէ Ժեներալ, Աուտէ, Պահըր Մութաուասսեթ եւ Սարատար:
Ընկերութիւններ.- Օրա Կրուփ, «Էմ. Թի. Վի.», Էր. Մինտ, Խուրի Հոմ, Ղարղուր, Թիպա, Տար Հանտասէ եւ իրաւաբաններու սենտիքա:
Նկատի ունենալով, որ խումբերուն թիւը առաջին անգամ ըլլալով շատ է, անոնք բաժնուեցան խմբակներու:
Ստորեւ` առաջին օրուան արդիւնքները.
Պահըր Մութաուասսեթ – Էտ Մինտ | 55-49 |
«Էմ. Թի. Վի.» – Իրաւաբաններու սենտիքա | 73-63 |
Ղարղուր – Իհթիմատ Մասրեֆի | 45-43 |
Խուրի Հոմ – Օրա Կրուփ | 63-58 |
Պէյրութի դրամատուն – Տար Հանտասէ | 66-46 |