«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Արսենալ, որ հիւրն էր Պաթէ Պորիսովին, 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Թէօ Վալքոթ, նշանակեց Արսենալի կոլերէն երկուքը:
Մարսէյ, որ հիւրն էր Սալզպուրկի, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Էվըրթըն իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ափոլլոն Լիմասոլի հետ: Էվըրթընի առաջին կոլը նշանակեց Ուէյն Ռունի:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Ա. Սէ. Միլան, Լացիօ Ռոմա, Նիս եւ ուրիշներ:
Լիոն-Աթալանթա ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, նաեւ` ԱԷՔ Աթէնք եւ Աւստրիա Վիեննա մրցումը (2-2):