Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Արմէն Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Քոսովոյի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Արմէն Գրիգորեան, երկամարտի մրցումներուն 69 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` արձանագրելով 296 քկ (134 եւ 162): Նոյն դասակարգին մէջ, Ռաֆիկ Յարութիւնեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` արձանագրելէ ետք 295 քկ արդիւնք մը (135 + 160): Նախապէս, 15 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Գէորգ Ղահրամանեան (69 քկ)...

Շուէտի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Փաչաճեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Շուէտի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լինքոփինկ իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սիլվիան: Խումբին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան, որ տուպլէ մը իրագործեց: Այս յաղթանակը պատճառ դարձաւ, որ Լինքոփինկ ժամանակէն առաջ ապահովէ Ա. դասակարգ բարձրանալու իր...

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պայէրն Միւնիխը (3-0)

Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ Հենրիխ Մխիթարեան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Բ. խմբակին մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Պայէրն Միւնիխը, որ այս տարեշրջանը սկսաւ բաւական ձախող կերպով: Տանիել Ալվես (2-րդ), Էտինսըն Քաւանի (31-րդ) եւ Նէյմար (63-րդ), 40 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 3 անգամ  ցնցեցին Պայէրնի բերդին ուռկանը: Պարսելոնա քիչ մը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 24 Ճակատումներ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր տեղի կ՛ունենան 24 ճակատումներ` 12 խմբակներու մէջ: Թէեւ այսօր շարք մը անուանի խումբեր, որոնց կարգին` Ա. Սէ. Միլան, Արսենալ, Մարսէյ, Աթլեթիքօ Պիլպաօ, Լացիօ Ռոմա, Վիարէալ, Հոֆընհայմ, Լիոն, Աթալանթա, Էվըրթըն եւ ուրիշ շատեր մրցումներ ունին կատարելիք, սակայն անոնց մրցակիցները համեմատաբար աւելի տկար ախոյեանութիւններէ են, ինչ որ կրնայ այդքան ալ...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Եւ Պէյրութ` Յաղթական

Այսօր` ՀՄԸՄ - Մութթահետ Եւ Շանվիլ - Պիպլոս Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքին երկրորդ օրը` երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 81-66 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լուէյզին: Վերջինս, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր առաջին պարտութիւնը: Հակառակ իրենց կազմին կրած պարտութեան, Թրէյվիս Ֆրանքլին (25 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Պրենտըն...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Թայ-Պրէյքի Ճակատագրական Մրցումը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2802) եւ Չինաստանի ամէնէն զօրաւոր կրանտմասթըր Տին Լիրեն (2771) աշխարհի բաժակի տիտղոսին համար իրենց մղած պայքարը ցարդ չեն աւարտած, որովհետեւ անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ թայ-պրէյքի ճակատագրական մրցումը: Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, աւարտականի դասական չորս մրցումներէն վերջինը եւս երէկ աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` 52-րդ շարժումին: Հայրենի կրանտմասթըրը կը մրցէր սեւ քարերով: Թայ-պրէյքի այս մրցումը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտի Առաջին Յաղթանակը` Տորթմունտի Մէջ

Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն - Պայէրն Միւնիխ Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան ութ այլ ճակատումներ (յայտագիրը տեսնել ստորեւ): Երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, շուրջ 66 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պորուսիա Տորթմունտ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով տեղի տուաւ Ռէալ Մատրիտի դիմաց: Մինչ Ռէալ Ա. կիսախաղին Կերըթ Պէյլի նշանակած կոլին շնորհիւ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ (18-րդ),...

Կռփամարտ. Ազատ Յովհաննիսեան Յաղթական` Քալիֆորնիոյ Մէջ

Թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ արհեստավարժ հայ կռփամարտիկ Ազատ Յովհաննիսեան յաղթանակ մը եւս արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ամերիկեան Քալիֆորնիա նահանգի Ինքըլվուտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, Յովհաննիսեան 10 ռաունտնոց ճակատումին ընթացքին յաղթեց մեքսիքացի Սերխիօ Ֆրիասի եւ տիրացաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Սի.»-«Քոնթինենթըլ Ամերիքաս Սուփըր Պանթամուէյթ»-ի տիտղոսին: Այսպիսով, ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրեց իր 13-րդ յաղթանակը:...

Ծանրաբարձութիւն. Գէորգ Ղահրամանեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրտսեր պատանիներու տարիքային ախոյեանութեան (15 տարեկանէն վար), Գէորգ Ղահրամանեան տիրանալով ոսկի մետալին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Ան ընդամէնը բարձրացնելով 238 քկ (133 եւ 105) Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը:

2019-ի Եւրոպայի Ախոյեանութիւն (19 Տարեկանէն Վար). 24 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական

2 եւ 10 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը Եւրոպայի 2019-ի ախոյեանութեան 21 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին գծով երկու մրցում ունի կատարելիք` յաջորդաբար Ճիպրալթարի եւ Աւստրիոյ դէմ: Նախապատրաստուելով այդ հանդիպումներուն` հայրենի կազմը 28 սեպտեմբերէն սկսեալ մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այդ հաւաքին համար գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան նկատի առաւ 24 ֆութպոլիստներ: Անոնցմէ 17-ն ելոյթ...

Եուվենթուսի Նախագահը 1 Տարիով Հեռացուեցաւ Ֆութպոլէն

«Ֆութպոլ Իթալիա» հաղորդեց, որ Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելի մէկ տարիով զրկուեցաւ ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն: Ասոր պատճառը այն է, որ ան Եուվենթուսի կատարած մրցումներուն տոմսերուն գծով զեղծարարութիւններ կատարած էր: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Եուվենթուս 300 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Այս լուրին ի տես, Եուվենթուս բողոքեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին` հերքելով այդ բոլոր մեղադրանքները: Յայտնենք, որ այս ամիս Անիելի ընտրուեցաւ եւրոպական...

12 Տարեկան Ֆութպոլիստին Կողմէ 16 Կոլ` 7 Մրցումի Ընթացքին

Պորուսիա Տորթմունտի 17 տարեկանէն վար խումբին ռմբաձիգն է 12 տարեկան Եուսուֆ Մուքոքօ: Արմինիա Պիլըֆելտի դէմ իր կազմին կատարած վերջին մրցումին (3-1), ան իրագործեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ հեթրիքը: Ան առիթով մըն ալ նշանակեց 4 կոլ: Ան ցարդ 7 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ` Գերմանիոյ ֆութպոլի պատանեկան ախոյեանութեան: Մուքոքօ ունի գերմանական եւ քամերունեան քաղաքացիութիւն:

Վիարէալ Մարզիչի Փոփոխութիւն Կատարեց

Խաւիէ Քալիեխա «Լա լիկա»-ի կազմերէն Վիարէալ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին մարզիչը` Ֆրան Էսքրիպան, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Անոր հետ միասին իրենց պաշտօնը կորսնցուցին նաեւ անոր օգնականները` Եոսիփ Ալքասեր եւ Խոսէ Մասքարոս: Վիարէալ, որ նախորդ շաբաթավերջին Կեթաֆէէն 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, այժմ` 6-րդ հանգրուանէն ետք, 7 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը: Ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ անոր պաշտօնազրկումէն կարճ...

Ռէալ Մատրիտ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Լիորենթէի Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտ մինչեւ 2021 երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը սպանացի միջնապահ Մարքոս Լիորենթէի հետ: 22 տարեկան Լիորենթէ առաջին անգամ Ռէալի հետ դաշտ ներկայացաւ 17 հոկտեմբեր 2015-ին: Նախորդ տարեշրջանին ան փոխ տրուած էր Ալաւեսի: Ռէալի նախկին ֆութպոլիստ Փաքօ Լիորենթէ անոր հայրն է:

Ուու-Շու. Աւետիս Սերոբեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Աւետիս Սերոբեան (ձախէն` երկրորդը) Լիբանանահայ մարզիկ, մարզիչ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան անգամ մը եւս եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան անունը, երբ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ուու-շուի աշխարհի ախոյեան: Ուու-շուի այս ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Չինաստանի մէջ: Ան յաջողեցաւ գերազանցել շուրջ 15 մարզիկներ, որոնց մեծ մասը կը մարզուի Չինաստանի մէջ: Վիգէն Տեմիրճեան հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք . Շանվիլ Եւ Պիպլոս` Առաջին Օրուան Զոհերը

Այսօր` ՀՄԸՄ-Անթունիէ Պէյրութ-Շանվիլ մրցումէնPROFOTO Երէկ` երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին, սկիզբ առաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը, որ տեղի կ'ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ` մասնակցութեամբ եօթը խումբերու: Բացման մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պէյրութը եւ Շանվիլը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 71-68 արդիւնքով (21-19, 16-14, 11-17 եւ 23-17): Այս բաւական հետաքրքրական ճակատումին Պէյրութ ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը, մանաւանդ Քրիս Քրոֆորտ նշանակեց 24 կէտ,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ-Ռէալ Մատրիտ. Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայէրն Միւնիխ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Ինչպէս ծանօթ է, բոլոր խումբերն ալ կատարած են մէկական մրցում եւ այժմ կը կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը: Այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Գերմանական կազմը, ցարդ կը գտնուի իր լաւագոյն օրերուն մէջ`...

Հեծելարշաւ. Ասիա-2019-ի Լեռնային Ախոյեանութիւնը` Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յաջողեցաւ կարեւոր իրագործում մը կատարել, որովհետեւ իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու 2019-ի լեռնային հեծելարշաւի Ասիոյ ախոյեանութիւնը: Լիբանան այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացաւ Նորվեկիոյ մէջ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի համագումարին ընթացքին: Յայտնենք, որ Լիբանան արդէն իսկ իրաւունք ստացաւ հիւընկալելու 2018-ի լեռնային հեծելարշաւի Արաբական ախոյեանութիւնը: Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած այդ համագումարին ֆրանսացի Տաւիտ Լապարթիեն չորս տարուան նստաշրջանի մը համար ընտրուեցաւ Միջազգային հեծելարշաւի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սուրիացի Այյատ Նշանակուեցաւ Մուսա Հըժէյժի Օգնական

Ահտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի Այյատ Ապտել Քարիմ նշանակուեցաւ մարզիչ Մուսա Հըժէյժի օգնական, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն: Ֆութպոլի մարզին մէջ բաւական մեծ փորձառութիւն ունեցող Այյատ ունի ասիական Ա. Բ. եւ Գ. կարգի վկայագիրներ: Ան անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն (երիտասարդներ...

Աշխապատ – 2017. Լիբանան Տիրացաւ Այլ Մետալի Մը Եւս

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող Ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան փակ դաշտերու մէջ, Լիբանան երէկ տիրացաւ այլ մետալի մը եւս, երբ պիլիարի մրցումներուն Ժորժ Լաթիֆ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` քառորդ աւարտականին յաղթելէ ետք ֆիլիփինցի իր մրցակիցին: Ան կիսաւարտականին պարտուելով այլ ֆիլիփինցիէ մը, չկրցաւ արծաթ մետալի տիրանալ կամ պայքարիլ ոսկի մետալի համար: Այսպիսով, Լիբանան չորսի բարձրացուց իր տիրացած պրոնզ...

Page 926 of 1278 1 … 925 926 927 … 1,278

Արխիւներ