Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 1 հոկտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ Աքուաթլոնի տարեկան 4-րդ մրցումը` գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան: Տեղի պիտի ունենան վազքի եւ լողարշաւի մրցումներ: Անոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 8:30-ին` կազմակերպիչ ակումբէն (Քասլիք):
Յայտնենք, որ կազմակերպիչները նախորդ քանի մը օրերուն արդէն իսկ յայտարարեցին, որ բոլոր դասաւորումները կատարուած են այս մրցաշարքը լաւապէս կայացնելու եւ բոլորը գոհ ձգելու համար:


