Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2802) 12 տարի ետք դարձեալ հռչակուեցաւ աշխարհի բաժակակիր:
Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Արոնեան թայ-պրէյքով յաղթեց Չինաստանի դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող Տին Լիրենին (2771)` 2-0 արդիւնքով:
Ճերմակ քարերով ան նախ առաւելութեան հասաւ 30-րդ շարժումին, ապա սեւ քարերով` 33-րդ շարժումին:
Այս մրցաշարքին Արոնեան առաջնահերթ նպատակ ունէր 10-28 մարտ 2018-ին Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան տոմս մը ապահովել: Ան այդ տոմսը արդէն իսկ ապահոված էր` հասնելով աւարտականին:
Ան տիտղոսին տիրանալէ բացի ստացաւ նաեւ 120 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մըն ալ:
Այս մրցաշարքը ընթացաւ նաք-աութի դրութեամբ, ուր պարտուողը դուրս մնաց: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 128 ճատրակ խաղացողներ:
Յայտնենք, որ 30 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Արոնեանի պսակը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Արոնեանին. «Ձեր Յաղթանակը Նոր Էջ Մըն Է Հայկական Ճատրակի Պատմութեան Մէջ»
Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Լեւոն Արոնեանին ճատրակի աշխարհի բաժակը երկրորդ անգամ նուաճելու առիթով` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաղթանակներ:
«Մեր յաղթանակը նոր էջ մըն է հայկական ճատրակի պատմութեան մէջ եւ ոգեւորութեան ու հպարտութեան առիթ` մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Ըլլալով հայկական ճատրակի յառաջատարը` դուք մեծ եւ արդիւնաւէտ ջանքեր կը ներդնէք մեր երկրին մէջ այս մարզաձեւի հանրահռչակման եւ զարգացման գործին մէջ», նշուած է հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:




