Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլիան

Վաղը` Մարսէյ - Փարիզ Սեն Ժերմեն Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ: Կարեւորագոյն եւ գագաթի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ մէջ, երբ պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլի պիտի հիւրընկալէ իր անմիջական մրցակիցը` Ինթեր Միլանը: Այլ տաք ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ վաղը` կիրակի, 22 հոկտեմբերին Ֆրանսայի մէջ կատարուելիք Մարսէյ - Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումը,...

Փինկ Փոնկ. Նատուա Քամաթիէ Լաւ Արդիւնքներ Կ՛արձանագրէ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց խմբային ախոյեան Նատուա Քամաթիէ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութեան, իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն պատճառով, այժմ կը գրաւէ Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Լիբանանի ախոյեանը յաջորդաբար յաղթեց յորդանանեան երկու խումբերուն` Շապապ Սաքքային (3-0) եւ Համատային (3-0): Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակէ մէկ խումբ կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Տղոց 30-րդ Ախոյեանութիւն. Պատրաստութիւնները Կը Շարունակուին Մեծ Թափով

Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, մարոքեան Սալա խումբի քարտուղար Ապտալլա Հասսունի վստահեցուց, որ իրենց ակումբը, իր պատրաստութիւնները կը շարունակէ մեծ թափով` լաւապէս հիւրընկալելու համար Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 30-րդ ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր: Ան ըսաւ, որ հետեւեալ 14 խումբերը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են մասնակցելու այս մրցաշարքին. Սալա (Մարոք), Թագաւորական բանակ (Մարոք), Ֆաթըհ Ռիատի (Մարոք), ՀՄԸՄ...

Ախա Ահլի Ալէյի Տարեկան Ընթրիքը

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, Ախա Ահլի Ալէյ ֆութպոլի ակումբը «Հերիթէյճ» պանդոկին մէջ (Ալէյ) կատարեց իր տարեկան ընթրիքը: Անոր ներկայ էին նախկին նախարար եւ այժմու երեսփոխան Աքրամ Շըհայեպ եւ Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, որոնք այս ընթրիքին պարգեւատրուեցան յատուկ յուշանուէրներով: Ներկայ էին նաեւ այլ անձնաւորութիւններ, քաղաքական գործիչներ եւ մարզական կեանքին մէջ դեր ունեցող տարբեր անձեր, յատուկ...

Ծանրաբարձութիւն. Սոնա Պօղոսեան` Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, 75 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սոնա Պօղոսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Երկամարտին, հայրենի ծանրաբարձը արձանագրեց 227 քկ արդիւնք մը (97+130): Ցարդ մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ), Կարուշ Ղուկասեան (94 քկ) եւ Արփինէ Դալալեան (90 քկ եւ վեր):

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան` Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ախոյեան

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Կարապետեան, որ հանդէս եկաւ 85 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան հանդիսացաւ` արձանագրելով 360 քկ արդիւնք մը (170+190): Իսկ 90 քկ դասակարգին մէջ (աղջիկներ), Տաթեւ Յակոբեան հանդիսացաւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար փոխախոյեան (228 քկ, 105 եւ 123):  

«Էն. Պի. Էյ». Լէյքըրզ Պարտուեցաւ Լոս Անճելըսեան Տերպիին

Ռասըլ Ուեսթպրուք` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, մինչ շաբաթավերջին կը կատարուին 21 մրցումներ: Լոս անճելըսեան տերպիի մրցումին, Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Քլիփըրզը, 108-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 29 կէտ: Օքլահոմա Սիթի 105-84 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց...

Նէյմար 1,2 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար իր հայրենիքին մէջ տուգանքի ենթարկուեցաւ` տուրքերու վճարումէն խուսափած ըլլալուն պատճառով: 25 տարեկան պրազիլցին 1,2 միլիոն ամերիկեան տոլարի տուգանք մը ստացաւ պրազիլական դատարանին կողմէ: Սակայն այդ տուգանքը բաժնուած պիտի ըլլայ ֆութպոլիստին, անոր ծնողքին եւ ֆութպոլիստին շահերը ներկայացնող երեք ընկերութիւններու վրայ: Նէյմար կը մեղադրուի 2011-2013 տարիներուն,...

Միջազգային Սուզումի Ֆետերասիոնը Լիբանանի Մէջ Կը Գումարէ Իր Ժողովը

Միջազգային Սուզումի Ֆետերասիոնը Լիբանանի Մէջ Կը Գումարէ Իր Ժողովը

Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, Սուզումի միջազգային ֆետերասիոնը կը գումարէ իր ժողովը, յատուկ հրաւէրովը լիբանանցի Սիմոն Խուրիի, որ մաս կը կազմէ այդ ֆետերասիոնին: Ժողովականները պիտի քննարկեն այս մարզաձեւին վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին պիտի ըլլայ նաեւ այդ 97 երկիրներէ բաղկացած ֆետերասիոնին Լիբանանի անդամակցութեան հարցը: Սուզումի միջազգային ֆետերասիոնին («Սի. Էմ. Էյ. Էս.») նախագահն է ռուս Աննա Արզանոզվա, մինչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` Սաժես - ՀՄԸՄ բացման մրցումով: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ եւ սկիզբ կ՛առնէ երեկոյեան ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով արձանագրել տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէի ժամ 15:30-ին Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Սաժես - ՀՄԸՄ մրցումը: ՀՄԸՄ-ի համար տարեշրջանի երկրորդ յաղթանակը արձանագրելը կը նկատուի կարեւոր` դասաւորման մէջ վերելք արձանագրելու համար: Նոյն ժամուն, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Ահլի Սայտա կը հիւրընկալէ Մապարրան: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ եւս, այսօր տեղի կ՛ունենայ մրցում...

Ծանրաբարձութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան` Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յովհաննիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: 20 տարեկանէն վար մրցաշարքին ան 85 քկ դասակարգին մէջ արձանագրեց 343 քկ արդիւնք մը (158+185): Ախոյեան հանդիսացաւ Վրաստանի ներկայացուցիչ Ռեւազ Տաւիտածէ (353 քկ 165+188):

Այցելութիւն` Քամիլ Շամունի Անուան Մարզական Աւանի Յանձնախումբի Նախագահին

Պէյրութի ակումբներէն եւ մարզական լրագրողներէն, ինչպէս նաեւ մարզական, հասարակական եւ մշակութային միութիւններէ կազմուած յատուկ յանձնախումբ մը այցելեց «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանի յանձնախումբի նախագահ Ռիատ Շէյխայի` անոր զօրակցելու եւ իրենց դժգոհութիւնն ու բողոքը ներկայացնելու այն միջադէպին գծով, որ պատահեցաւ այս ամսուան ընթացքին ֆութպոլի մրցումի մը աւարտին` նիւթական մեծ վնասներ հասցնելով այս մարզական կառոյցին: Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ մարզական այս աւանը բոլորին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Կը Քննադատէ Իր Համակիրներուն Չորս Մրցումով Կախակայուիլը Ֆետերասիոնին Կողմէ

Իր գումարած արտակարգ մէկ նիստին ընթացքին, Նըժմէ ֆութպոլի ակումբը քննադատեց իր համակիրներուն չորս մրցումով կախակայուիլը, այդ պատիժը նկատելով դիտումնաւոր արարք մը` ակումբին նկատմամբ: Ժողովականները յայտնեցին, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին այս որոշումը կը կարծուի կանխամտածուած ըլլալ եւ այժմ գործադրութեան կը դրուի փուլ առ փուլ, ինչ որ կը նկատուի անընդունելի եւ մերժելի: Այս բոլորէն մեկնելով, Նըժմէ որոշեց յատուկ նամակ մը ուղարկել ֆետերասիոնին,...

Մասնակցութեամբ 48 Խումբերու. Անթուան Ղըրայեպի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարքը Կը Շարունակուի Մեծ Յաջողութեամբ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ «Ճեմ» ակադեմիային, Անթուան Ղըրայեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 48 խումբերու, կը շարունակուի մեծ յաջողութեամբ: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը բաժնուած են չորս դասակարգերու 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար: Այս տարուան մրցաշարքը նախորդներէն կը զատորոշուի այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր մրցումէ ետք կ՛ընտրուի մրցումին լաւագոյն մարզիկը, ինչ որ մասնակցողներուն մօտ ձգած...

Ճատրակ. Հայաստանի Կրանտմասթըրներուն Թիւը Աւելցաւ 3 Նորեկներով

ՖԻՏԷ-ի 88-րդ համաժողովին կրանտմասթըրի կոչում շնորհուեցաւ Հայաստանէն երեք ճատրակ խաղացողներու` Հայկ Մարտիրոսեանին, Մանուէլ Պետրոսեանին եւ Արման Միքայէլեանին, յայտնեց chess.am կայքը: Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը միջազգային վարպետի կոչում շնորհեց Ռաֆայէլ Բակունցին: Իսկ Սոնա Ասատրեանին աղջկանց միջազգային վարպետի կոչում տրուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան արժանացաւ ախոյեանի կոչումին:

«Էն. Պի. Էյ.». Փէյսըրզ, Ուիզըրտծ, Հոքս, Սփըրզ Եւ Պլէյզըրզ Յաղթանակով Սկսան Նոր Տարեշրջանը

Սանզ - Պլէյզըրզ մրցումէն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին երկրորդ օրը, երէկ կատարուեցան 11 ճակատումներ: Ինտիանա Փէյսըրզ արձանագրեց մեծագոյն արդիւնքը, երբ 140-131 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պրուքլին Նեթցը: Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 30 կէտ: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը (37) նշանակեց Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ, երբ անոր կազմը` Միլուոքի Պաքս, 108-100 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պոսթըն...

Միքայէլ Շումախըրի Որդին Պիտի Մասնակցի՞ «Ֆորմիւլա-1»-ի Մրցումներուն

18 տարեկան վարորդ Միք Շումախըր, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի գերմանացի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի որդին է, կը շարունակէ երազել «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու մասին: Ան այժմ առաջին տարեշրջանը ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ֆորմիւլա-3»-ի ախոյեանութեան եւ ցարդ միայն մէկ անգամ բարձրացած է փոտիում, այդ ալ նախորդ ապրիլին, Մոնզայի մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը: Դասաւորման մէջ ան այժմ կը գրաւէ 12-րդ դիրքը: ԱՖՓ-ի հետ...

Թոթենհամ 222 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Հերի Քէյնի Համար

«Տը Թայմզ»-ի համաձայն, լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը կ՛ուզէ իր կազմին մէջ պահել 24 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյնը` նկատի ունենալով, որ անոր փոխանցման համար կը պահանջէ 222 միլիոն եւրօ: Ըստ վերջերս շրջան ընող լուրերուն, Քէյնով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ: «Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով իր կատարած 8 մրցումներուն ընթացքին Քէյն ցարդ նշանակած է 6 կոլ:

Փարիզ Սեն Ժերմենի Նախագահը Պէտք Է Ներկայանայ Դատարան

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Զուիցերիոյ դատարանը իր մօտ հարցաքննութեան կանչեց Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ «Պի. Ին Մետիա Կրուփ» ընկերութեան նախագահը` Նասեր Խելայիֆին, որ կ՛ամբաստանուի կաշառակերութեան յանցանքով: Դատական այդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 25 հոկտեմբերին, Պեռնի մէջ (Զուիցերիա): Նշենք, որ միլիառատէր գործատէրը, ինչպէս նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէ, կ՛ամբաստանուին 2018-2030 թուականներուն տեղի ունենալիք մոնտիալներու հեռարձակման գծով տարբեր տեսակի...

Page 916 of 1278 1 … 915 916 917 … 1,278

Արխիւներ