Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ 23-րդ խմբակին, կատարեց իր երրորդ մրցումը, երբ Պիպլոսի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ամալ Ֆըրն Շըպպեքի դէմ:
Յաջորդ հանգրուանի տոմս մը ապահովելու համար ՀՄԸՄ պէտք էր անպայման յաղթանակ մը արձանագրէր:
Սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ. ՀՄԸՄ 62-45 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան:


