Պարսելոնա Եւ Պայէրն Միւնիխ`
Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց իր դիրքը եւ 5 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբին` Եունայթըտի վրայ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հատըրսֆիլտի դաշտին վրայ:
Սիթի 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Պըրնլիի դէմ, 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց առաջին կոլը:
Հատըրսֆիլտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Մարքուս Ռեշֆորտ նշանակեց Եունայթըտի ուշացած կոլը (78-րդ):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Չելսի` Ուաթֆորտի դէմ (4-2):
Իտալիոյ մէջ, թէեւ շաբթուան գագաթի ճակատումը` Նափոլիի եւ Ինթեր Միլանի միջեւ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն անոնք երկուքն ալ մնացին իրենց դիրքերուն վրայ` յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ: Այսպիսով, Նափոլի իր ունեցած 2 կէտի առաւելութիւնը պահեց Ինթերի վրայ:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա իր ունեցած չորս կէտի առաւելութիւնը պահեց 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Վալենսիայի վրայ` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մալակայի, աւելի քան 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Տէօլոֆէօ (2-րդ) եւ Անտրես Ինիեսթա (56-րդ) նշանակեցին Պարսելոնայի կոլերը: Լիոնել Մեսսի կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթը:
Վալենսիա 4-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սեւիլլայի:
Գերմանիոյ մէջ, թէեւ Պորուսիա Տորթմունտ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ, սակայն, իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ մնաց առաջին` գերազանցելով Պայէրն Միւնիխը, որ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Համպուրկի դաշտէն: Քորենթեն Թոլիսսօ նշանակեց Պայէրնի կոլը (52-րդ): Համպուրկէն Կիտէոն Եունկ, 38-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:


