Նախորդ շաբաթավերջին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի արաբական աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը:
Լիբանանի ախոյեան Նատուա Քամաթիէ աւարտական ճակատումին հանդիսացաւ ախոյեան` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք յորդանանեան Մուաթթա խումբին:
Ախոյեան խումբին մաս կը կազմեն Մարիանա Սահակեան եւ Մալաք Խուրի:
Նշենք, որ երրորդ դիրքը գրաւեց յորդանանեան Սըքա խումբը:
Վերոնշեալ երկու մարզիկներուն հետ միասին Յորդանան մեկնած էին նաեւ ակումբի ընդհանուր քարտուղար Ապպաս Նարէտտին եւ մարզիչ Ժաաֆար Մուսա:
Ախոյեան խումբը երէկ գիշեր վերադարձաւ Պէյրութ:


