«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Նիւ Օրլինզը, կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը (արձանագրուած յաղթանակի մը կողքին)` 119-112 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց ամէնէն շատ կէտը (27) եւ յաջողեցաւ տապըլ-տապըլ մըն ալ իրագործել (17 ռիպաունտ):
Իսկ անոր խմբակից Տեմարքուս Քուսինս իր կարգին տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (22 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք, Մինեսոթա Վուլվզի դէմ կատարուած մրցումին (115-113) իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (31 կէտ, 10 էսիսթ):
Նշենք, որ երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Պրուքլին Նեթց 116-104 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին: Տանճելօ Ռասըլ (Նեթց) տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (16 կէտ, 10 էսիսթ):
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Միլուոքի Պաքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Տալաս Մավըրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տենվըր Նակեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ