Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, աշխարհի չորս ծագերէն պարգեւատրուեցան 17 անձեր, որոնք կատարած էին տարբեր տեսակի իրագործումներ:
Անոնց կարգին էր նաեւ ութ անգամ Լիբանանի ռելիի ախոյեան հանդիսացած Նեպիլ Քարամ, որ պարգեւատրուեցաւ միջազգային «Ճի. Օ. Տի.» յուշանուէրով:
Ինչպէս ծանօթ է, Նեպիլ Քարամ ո՛չ միայն ութ անգամ Լիբանանի ռելիի ախոյեան հանդիսացած է, այլ նաեւ հինգ անգամ մուտք գործած է «Կինես» մրցանիշներու գիրքին մէջ, շնորհիւ իր շինած եւ ունեցած հազարաւոր ինքնաշարժներուն, որոնք այժմ զետեղուած են իր թանգարան-ցուցասրահին մէջ (Նահր Քելպ):