Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 23-րդ խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վաղը` կիրակի, 22 հոկտեմբերին կը կատարէ Ա. հանգրուանի իր երրորդ եւ վերջին մրցումը, երբ յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ), կը մրցի Ամալ Ֆըրն Շըպպեքի դէմ:
Անցնելու համար յաջորդ հանգրուան, ՀՄԸՄ պէտք է ամէն գնով յաղթանակ արձանագրէ` նկատի ունենալով, որ միայն խմբակներու պարագլուխի դիրքը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը: