«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն նախորդ շաբաթավերջին յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, երբ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը Միացեալ Նահանգներու կրան փրիին` արձանագրելով 1 ժամ 33′ 50″ արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը 10″ ուշացումով գրաւեց «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել, մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Վեթելի խմբակից ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնըն (15″ ուշ):
Հեմիլթըն, որ այս տարեշրջանի իր 9-րդ, իսկ իր արհեստավարժ ասպարէզին 62-րդ յաղթանակը արձանագրեց, վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ աւելի ամրապնդեց իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 331 կէտ: Վեթել ունի 265 կէտ, մինչ «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը` ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս` 244 կէտ:
Տարեշրջանի աւարտէն երեք կրան փրի առաջ, Հեմիլթըն այժմ միայն 9 կէտի կարիք ունի` հանդիսանալու համար 2017 տարուան ախոյեան:
Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, Հեմիլթընի խումբը` «Մերսետես», արդէն իսկ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` ունենալով 575 կէտ: «Ֆեռարի» ունի 428 կէտ, իսկ «Ռետ-Պուլ»` 315: