Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը ընդունեց խումբի մարզիչին` Մուսա Հըժէյժի ներկայացուցած հրաժարականը:
Ակումբը Հըժէյժին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կարեւոր իրագործումներ կատարեց, միեւնոյն ժամանակ ալ անոր յաջողութիւն մաղթելով մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Պասեմ Մարմար նշանակուեցաւ Հըժէյժի փոխարէն: Մարմար միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ ակումբին տարիքային խումբերուն մարզիչը:
Բոլոր մարզիկներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ այն կէտը, որ անոնք բոլորն ալ գործադրեն Մարմարի ցուցմունքները եւ ենթարկուին անոր որոշումներուն:
Վերջապէս, Ահտ իր մարզիկներուն թելադրեց, որ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ակումբին հետ եւ փորձեն ձգտիլ իրենց առաւելագոյնին, որովհետեւ ախոյեանութիւնը սկսած է, եւ անոնք երկար ճամբայ ունին կտրելիք: