
PROFOTO
Երէկ` կիրակի, 22 հոկտեմբերին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները ամբողջացան, երբ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Լուէյզի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 93-94 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն:
Տեմարիուս Պոլտծ (Մութթահետ) նշանակեց 30 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տերիըն Թաունզ (տապըլ տապըլ մը իրագործեց (21 կէտ, 17 ռիպաունտ):
Լուէյզիէն Մարվել Հերիս նշանակեց 29 կէտ, մինչ Թրէյվիս Ֆրենքլին եւ Պրենտըն Մոպլի` 22-ական կէտ:
Շանվիլ Ժիպէյլի մէջ 95-88 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսին:
Ֆետի Խաթիպ (Շանվիլ) իրագործեց այս տարեշրջանի առաջին թրիփըլ-տապըլը (25 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Ճասթին Հոքինզ` տապըլ-տապըլ մը (14 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, Ռիատի քիչ մը դժուարութեամբ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 66-63 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պէյրութը, որ Ա. կիասախաղին կը յառաջանար կէտի մը տարբերութեամբ (33-32): Պէյրութէն Ռոնի Ֆահըտ նշանակեց 5 թրի փոյնթ:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Անթունիէ Ա. դասակարգին մէջ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ 80-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոնը:
Անթունիէէն Քարլոս Էմորի նշանակեց 21 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ):


