Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր, որ նախորդ շաբաթավերջին Համպուրկի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումին վիրաւորուեցաւ, 5-6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Այսպիսով, 28 տարեկան Միւլըր պիտի բացակայի շարք մը կարեւոր մրցումներէ, որոնց կարգին` 31 հոկտեմբերին Սելթիքի դէմ կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումը, 4 նոյեմբերին «Պունտըսլիկա»-ի գագաթի մրցումը` Պորուսիա Տորթմունտին դէմ եւ այլ շարք մը մրցումներ:


