Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ գագաթի ճակատում մը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումին յաղթականը պիտի հանդիսանայ երթի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ արձանագրած են 7-ական յաղթանակ եւ կրած մէկական պարտութիւն:
Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի համար յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին համակիրները պիտի փոխադրեն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր` Պուրճ Համուտի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն:

Այլ գետնի վրայ, 8-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ տեղի ունեցաւ Շանվիլ – Պէյրութ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պէյրութի յաղթանակով, 92-75 արդիւնքով:
Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց դարձի մրցումներուն յայտագիրը, որուն մասին կ՛անդրադառնանք «Ազդակ»-ի յաջորդ թիւով: