Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-էն սկսեալ, իր ակումբին մէջ (Քասլիք) պիտի կատարէ 2017 տարուան իր մրցանակաբաշխութիւնը, բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն գծով: