Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 10 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցումը Աֆաքի դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ 9-7 արդիւնքով` ի նպաստ Աֆաքի:
Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 10 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը 10-3 արդիւնքով յաղթեց Սփորթվիլին:



