Երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Ֆրանս ֆութպոլի» կազմակերպած մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տիրացաւ «Ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին:
32 տարեկան Ռոնալտօ նախապէս այս տիտղոսին տիրացած էր 4 անգամ, երէկուան 5-րդ տիտղոսով ան հաւասարեցաւ Լիոնել Մեսսիի: Ռոնալտոն 2008-ին, 2013-ին, 2014-ին եւ 2016-ին արժանացած է նոյն մրցանակին:
Թուիթըրեան գրառումով մը Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շնորհակալութիւն յայտնած է իր համակիրներուն, բարեկամներուն եւ ծնողքին: