Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շապապ Մաժտալ Այնճար – Ահլի Սայտա մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ Ահլի Սայտայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:
Երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շապապ Ղազիէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Անսար Ժընուպի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կ՛ակնկալուի այսօրուան իրենց մրցակիցէն ամէն գնով խլել առաւելագոյն երեք կէտերը` բարելաւելու համար իրենց դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ: