Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Շարքի դաշտին վրայ մրցեցաւ Նըսուր Ալէյի դէմ:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 6-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-1):