Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Նըսուր Ալէյի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի կազմը իր առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Հուտա խումբին դէմ (2-0):