Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի գերմրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի հաւաքականի անդամներու յաղթանակով:
Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան 9 կէտէն շահեցան 7,5-ական կէտ եւ ֆրանսացի Սեպասթիան Մեզէի հետ գրաւեցին առաջինէն երրորդ պատուաբեր դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով Գաբրիէլ Սարգսեան գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ Հրանդ Մելքումեան ` երկրորդ:
Վերջին հանգրուանին Մելքումեան սպիտակներով հաւասարութիւն արձանագրեց ռուս Ալեքսանտր Մոտիլիովի հետ, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան սպիտակներով պարտութեան մատնեց անգլիացի Ճոնաթան Հոքինսը: