Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին մրցակիցն էր Շապապ Ղազիէն: Անսար Ժընուպի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումը վերջ գտաւ Շապապ Ղազիէի յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով: