Ինչպէս ծանօթ է, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը զրկեց 2018-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ` խթանիչ դեղերու գործածութեան պատճառով:
Սակայն անիկա յայտարարեց, որ ողիմպիական տոմս ապահոված եւ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագայ չունեցող մարզիկները, չէզոք կարգավիճակի մէջ կրնան մասնակցիլ այդ խաղերուն` «ողիմպիական մարզիկներ Ռուսիայէն» անունին տակ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ Ռուսիա ոչ մէկ արգելք պիտի հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ չէզոք անձեր կ՛ուզեն ողիմպիական այդ խաղերուն մասնակցիլ:
Յիշեցնենք, թէ այդ մարզիկներու յաղթանակին պարագային, Ռուսիոյ քայլերգին փոխարէն պիտի հնչէ ողիմպիականի պաշտօնական քայլերգը եւ բնականաբար Ռուսիոյ դրօշակը պիտի չբարձրանայ: