Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 10 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Աֆաքի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ միայն ետ մնալով Զուք Մոսպեհէն:
Այլ գետնի վրայ, Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 10 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) կը մրցի Սփորթ Ֆիլի դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում (2-րդ հանգրուանին մրցում չկատարեց), իր ամէն կարելին պէտք է ընէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: