Լիբանանեան Աթլեթիքօ ակումբը ֆրանսական Լիոն ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2020:
Այդ պայմանագրութեան երկարաձգումը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ` ներկայութեամբ Լիոնի պատասխանատուներուն եւ Աթլեթիքոյի նախագահ Ռոպեր Փաուլիի:
Ըստ կնքուած պայմանագրութեան, Լիոն լիբանանեան ակումբին տրամադրած իր մարզիչներով պիտի մարզէ տարիքային տարբեր խումբեր, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ պիտի կազմակերպէ յատուկ բանակումներ` մարզիչներու եւ մարզիկներու համար:
Աթլեթիքօ Լիոնի հետ իր առաջին պայմանագրութիւնը ստորագրեց 2011-ին: