Իտալիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստան այդքան ալ լաւ արդիւնքներ չկրցաւ ձեռք ձգել եւ բաւականացաւ միայն 2 պրոնզ մետալով:
Հակառակ անոր որ Ռաֆայէլ Յակոբեան (56 քկ) եւ Վախթանգ Յարութիւնեան (69 քկ) հասան կիսաւարտական, սակայն պարտուեցան իրենց մրցակիցներէն, տեղեկացուց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, այս ախոյեանութեան հանդէս եկան Հայաստանէն 10 մարզիկներ:


