Մարզական

Մոհամետ Սալահ` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լիվըրփուլի մաս կազմող եգիպտացի միջազգային ֆութպոլիստ Մոհամետ Սալահ նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ արհեստավարժ ֆութպոլիստներու ֆետերասիոնին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի` «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով 33 մրցումի ընթացքին նշանակեց 31 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: Այսպիսով, 25 տարեկան Սալահ գերազանցեց Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէան, Թոթենհամի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնը եւ ուրիշներ:  

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Սելթիքս, Ուորիըրզ, Ռեփթըրզ Եւ Փէյսըրզ Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան փլէյ-օֆի չորս ճակատումներ, որոնցմէ երեքը` արեւելեան շրջանին մէջ: Արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած միակ ճակատումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 103-90 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, այսպիսով արդիւնքը կրճատելով 3-1-ի: Անոնց միջեւ հինգերորդ մրցումը պիտի կատարուի Ուորիըրզի դաշտին վրայ: Քեւին Տիւրանթ (ձախին) Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 34 կէտ: Միլուոքիի մէջ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 42 Կէտի Տարբերութեամբ Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժէսի Դէմ

Այսօր Երկրորդ Մրցումը` Ղազիրի Մէջ PROFOTO Շաբաթ, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ-Սաժես բացման մրցումով սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի  ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումները: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան, ՀՄԸՄ տպաւորիչ յաղթանակով մը` 42 կէտի տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց իր հիւրը` 121-79 արդիւնքով (29-22, 28-14, 28-21 եւ 36-22): ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սեմ Եանկ (29...

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Նիւ Օրլինզ Հանդիսացաւ Առաջին Խումբը, Որ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան  ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան փլէյ-օֆ-ի եօթը ճակատումներ, չորսը արեւելեան, իսկ երեքը` արեւմտեան գօտիին մէջ: Արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը, Նիւ Օրլինզ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` յաղթելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, այս անգամ` 131-123 արդիւնքով (Արեւմտեան շրջանին մէջ): Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 47 կէտ, իսկ Սի. Ճէյ. Մաքքոլոմ...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Տիտղոսակիր` 30-րդ Անգամն Ըլլալով

Շաբաթ, 21 ապրիլին, Աթլեթիքօ Մատրիտի «Վանտա Մեթրոփոլիթանօ» դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին (ծանօթ` «Քոփա Տել Ռէյ» անունով) աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցաh Պարսելոնա եւ Սեւիլլա: Մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէի գլխաւորած խումբը` Պարսելոնա, 30-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, երբ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Լուիս Սուարեզ (14-րդ, 40-րդ), Լիոնել...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումները կը սկսին այսօր` շաբաթ, 21 ապրիլին: Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:20-ին: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ ետք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կ՛ակնկալուի առաջին իսկ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ

Սլովաքիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը: Ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Վալենթինա Քունինա, որ ապահովեց 9 կէտ: Հայաստանի ներկայացուցիչներ Էլինա Դանիէլեան (27-րդ), Մարիա Քուրսովա (35-րդ), Աննա Սարգսեան (38-րդ) եւ Լիլիթ Մկրտչեան (39-րդ)` ապահովելով 6,5-ական կէտ, բաժնեցին 26-44-րդ դիրքերը: Մարիա Գէորգեան 5,5 կէտով գրաւեց 78-րդ դիրքը, իսկ Սիրանուշ Ղուկասեան 5 կէտով` 86-րդ դիրքը:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Եուվենթուս – Նափոլի Վճռորոշ Ճակատումը

Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 22 ապրիլին, Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ վճռորոշ, երկրին ախոյեանին անունը ճշդելու համար: Եուվենթուս, որ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, պիտի հիւրընկալէ իր անմիջական մրցակիցը` Նափոլին, որուն վրայ ունի չորս կէտի առաւելութիւն մը, եւ ատիկա` տարեշրջանի աւարտէն հինգ հանգրուան...

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դալալոյեան` Ռուսիոյ Կրկնակի Ախոյեան

Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Ռուսիոյ մարմնամարզութեան տղոց անհատական ախոյեանութեան, բազմամարտի ախոյեանի կոչումը նուաճեց մոսկուահայ Դաւիթ Դալալոյեան` ապահովելով 86.290 կէտ: Դալալոյեան Մոսկուայի խումբին հետ տիրացաւ նաեւ բազմամարտի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին:

Պետմինթըն. Վաղը Կրտսերներու Ախոյեանութիւնը` Ժամհուր Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 22 ապրիլին Ժամհուր ակումբին մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, մասնակցութեամբ 60 երկսեռ մարզիկներու, որոնք պիտի մրցին 2001-2002 եւ 2003-2004 դասակարգերուն մէջ: Այդ մարզիկները բաժնուած են 30 խումբերու` հետեւեալ ակումբներէն: Այդ խումբերն են` Սքուատրա Սփորթիւա, Հուփս Պէյրութ, Մոն Լա Սալ, Հուփս Մաթըն եւ Ժամհուր: Ախոյեանութիւնը կը սկսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին` ներկայութեամբ Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնի...

«Էն. Պի. Էյ.»-«Փլէյ-Օֆ».  Նիւ Օրլինզ Եւ Ուորիըրզ 3-0 Արդիւնքով Գերազանցեցին Իրենց Մրցակիցները

«Էն. Պի. Էյ.»-«Փլէյ-Օֆ». Նիւ Օրլինզ Եւ Ուորիըրզ 3-0 Արդիւնքով Գերազանցեցին Իրենց Մրցակիցները

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ, մէկը` արեւելեան շրջանին մէջ, իսկ երկուքը` արեւմտեանին մէջ: Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ Մայեմի Հիթի վրայ, երբ վերջինին դաշտին վրայ կատարուած մրցումին 20 կէտի տարբերութեամբ` 128-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Անոնց միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Հիթի մէջ: Նիւ Օրլինզ, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, արձանագրեց 119-102...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Պարսելոնա – Սեւիլլա

Մատրիտի «Վանտա Մեթրոփոլիթանօ» մարզադաշտին վրայ այսօր` շաբաթ, 21 ապրիլի ժամը 22:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին Պարսելոնա եւ Սեւիլլա: Իւրաքանչիւր խումբ պիտի փորձէ ինք ըլլալ տիտղոսակիրը: Պարսելոնա, որ դուրս մնաց «Չեմփիընզ-լիկ»-ի մրցաշարքէն, բայց «լա լիկա»-ի տիտղոսին տիրանալու մօտ է, պիտի փորձէ յաղթել այսօրուան իր մրցակիցին: Քաթալոնական...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կիրակի, 22 Ապրիլին Գարնանային 34-րդ Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 22 ապրիլին, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի նահանգներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 34-րդ գարնանային ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող վարորդները, ռելին պիտի սկսին առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:30-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-էն: Ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 328,49 քմ: 92,73 քիլոմեթրի պիտի ըլլան իւրայատուկ փուլերը: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ մեկնարկին...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն

- Արցախ Դարձաւ Ա. Լիկայի Յաղթական - Արթիկ` Հայաստանի Ախոյեան Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական երկրորդ մրցումը` Արցախի եւ Արթիկի միջեւ: Արցախ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր (100-74), երկրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց 98-90 արդիւնքով` բաւական լարուած եւ հետաքրքրական մրցումէ մը ետք: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արթիկէն Սերկէյ Վիննիք...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Քաւալիրզ Արդիւնքը Հաւասարեցուց Փէյսըրզի Հետ (1-1)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան փլէյ-օֆի երեք ճակատումներ: Քլիվլենտի մէջ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Ինտիանա Փէյսըրզը, արձանագրեց 100-97 արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ մը: Լեպրոն Ճէյմզ Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 46 կէտ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այսպիսով Քաւալիրզ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` նկատի ունենալով, որ առաջին մրցումին իր դաշտին վրայ 98-80 արդիւնքով պարտուած...

ՖԻՖԱ-ն Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարէ Մեծ Մրցաշարքերուն Մէջ

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտնեց, որ իրենք կը պատրաստուին այսուհետեւ չկայացնելու միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը, այլ անոր փոխարէն կազմակերպելու աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ Goal.com կայքը: Անոր հետ զուգահեռ, ակումբներու այս ախոյեանութեան փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: Առաջինը պիտի ըլլայ այն, որ անոր պիտի մասնակցին 24 ակումբներ, բաժնուած` 8 խմբակի: Անիկա տեղի պիտի ունենայ չորս տարին անգամ մը եւ պիտի երկարի 18...

Սուսերամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն` Երեւան. Եանա Եգորեան Հետեւեցաւ Մրցումներուն

Հայաստանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով, Հայաստան այցելեց ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան, որ Երեւանի պետական համալսարանի մարզահամալիրին մէջ հետեւեցաւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար սուսերամարտի ախոյեանութեան, որուն հիւրընկալ երկիրն է Հայաստան: Այս ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Եգորեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպայի ախոյեանութեան կայացումը մեծապէս պիտի...

«Փրեմիեր-Լիկ». Սահմանուեցաւ Նոր Մրցանակ Մը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ պիտի սկսի սահմանուիլ նոր մրցանակ մը` ամէնէն աւելի շատ կոլի փոխանցում (էսիսթ) կատարած ֆութպոլիստին: «Փլէյմէյքըր-ըուորտ» անունը կրող այս մրցանակը պիտի յանձնուի այն ֆութպոլիստին, որ տարեշրջանին ընթացքին կը կատարէ ամէնէն շատ էսիսթը: Ներկայ դրութեամբ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Քեւին Տը Պրույնէն (Մանչեսթըր Սիթի), որ ցարդ կատարած է 15 էսիսթ:

15 Մայիսին Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Պայէրն Միւնիխ Աւարտական

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հանգրուան հասնող խումբերը: Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 մայիսին, տիտղոսին տիրանալու համար իրարու դէմ պիտի մրցին Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ եւ Պայէրն Միւնիխ: Ֆրանքֆորթ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Շալքէն` արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Պայէրն Միւնիխ 6-2 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Պայէր Լեւերքուզընի դէմ:

38 Տարեկան Ժուլիօ Սեզար Կ՛աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ժուլիօ Սեզար պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 21 ապրիլին պիտի կատարէ իր արհեստավարժ ֆութպոլիստի վերջին մրցումը, որմէ ետք վերջնականապէս պիտի լքէ ֆութպոլի կանաչ դաշտերը: Պրազիլեան Ֆլամենկոյին մաս կազմող ֆութպոլիստը իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Ամերիքա Մինէյրոյի դէմ, Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան «Սերի-Ա.»-ի երկրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Ան մաս կազմած է Ինթեր Միլանի (եօթը տարի):

Page 847 of 1278 1 … 846 847 848 … 1,278

Արխիւներ